ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արիւնահոսութեան մասին խօսելէ առաջ, ամփոփ ձեւով պիտի անդրադառնանք արեան ծննդոցին, կազմութեան եւ պարտականութիւններուն:
Արիւնը կարեւոր է մեր մարմինի բոլոր օրկաններու աշխատանքին եւ կեանքի գոյատեւման համար: Արիւնը կը փոխադրէ թթուածին եւ սննդանիւթեր, որոնք կը սնուցանեն մարմինին բոլոր օրկանները, հիւսկէնները եւ բջիջները: Այս բոլորին մէջ արտադրուած թափօնները (waste products) եւ ածխածինի երկթթուակը (CՕ2) կը փոխադրուի արեան միջոցաւ թոքեր, լեարդ եւ սիրտ:
Բնական պայմաններու մէջ միջին ծանրութեամբ անձ մը կ՛ունենայ 5-6 լիթր արիւն:
Արիւնը կազմուած է երկու բաժիններէ.
Ա. Արիւնահեղուկ (plasma), որ կը կազմէ արեան 55 տոկոսը.
Բ. Երեք տեսակ բջիջներ՝
ա. Կարմիր գնդիկներ-բջիջներ.
բ. Ճերմակ գնդիկներ-բջիջներ՝ հատիկաւոր եւ բազմակորիզ գնդիկ (նիւթրոֆիլ, neutrophil), ոչ հատիկաւոր գնդիկ (լիմֆոսայթ, lymphocyte), միակորիզ մեծ գնդիկ (մոնոսայթ, monocyte). հիմնասէր գնդիկ (պեսոֆիլ, basophil), հատիկաւոր գնդիկ (իօսինոֆիլ, eosinophil).
գ. Խցաբջիջներ-թիթեղիկներ (platelets)։
Այս երեք տեսակ բջիջները կը կազմուին ոսկրածուծին մէջ եւ շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ, հասնելու համար մարմինին բոլոր բջիջներուն:
Կարմիր գնդիկները կը պարունակեն երկաթով հարուստ բնասպիտ (protein) մը՝ արեան ներկանիւթը (hemoglobin), որ կը փոխադրէ թթուածինը մարմինի բոլոր բջիջներուն: Առողջ կարմիր գնդիկները կ՛ապրին մօտաւորապէս 120 օրեր: Մէկ կաթիլ արիւնը կը պարունակէ մօտաւորապէս 5 միլիոն կարմիր գնդիկներ:

Ճերմակ գնդիկները կը պաշտպանեն մարմինը զանազան տեսակի մանրէներէ: Վարակի մը պարագային անոնք շուտով գործի կը լծուին եւ կը պայքարին յարձակող մանրէներուն դէմ:
Խցաբջիջները աւելի պզտիկ են քան կարմիր գնդիկները: Անոնց պարտականութիւնն է՝ արեան մէջ արիւնակոյտեր (blood clots) կազմել եւ արգելք հանդիսանալ արիւնահոսութեան:
Արիւնահեղուկը բնասպիտներով հարուստ դեղնորակ հեղուկ մըն է: Այս բնասպիտներէն են՝ albumin-ը, immunoglobulin-ը եւ արիւնագունդ կազմող բնասպիտները:
Արիւնահոսութիւն ըսելով՝ կը հասկնանք արեան կորուստ, որ տեղի կ՛ունենայ զանազան ձեւերով.
- Ներքին արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ մարմինի ներքին օրկաններու զարկերակներէն, երակներէն, քաղցկեղային վէրքերէն եւ օրկաններու հիւսկէններէն.
- Արտաքին արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ մորթի մակերեսային զարկերակներէն եւ երակներէն ինչպէս նաեւ մկաններէն ու մորթային հիւսկէններէն.
- Ենթամորթային արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ ենթամորթին մէջ գտնուող զարկերակներէն եւ երակներէն ինչպէս նաեւ ենթամորթային հիւսկէններէն.
- Ենթա-ակնազօդային (subcunjunctival) արիւնահոսութիւն, որ տեղի կ՛ունենայ ենթա-ակնազօդային երակներէն:
Արտաքին եւ ակնազօդային արիւնահոսութիւնը բացայայտ (visible) կ՛ըլլայ, իսկ ներքին եւ ենթամորթային արիւնահոսութիւնը թաքուն (invisible) կ՛ըլլայ:
Արիւնահոսութիւն կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններէն եւ ախտաբանական երեւոյթներէն.
Ա. Հարուած-վիրաւորում, որ կրնայ ըլլալ ներքին եւ արտաքին: Ներքին վնաս-հարուածը հետեւանքն է արտաքին հարուածի կամ վիրաբուժական գործողութեան մը:
Բ. Արիւնային հիւանդութիւններ.
ա. Արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ՝
- K կենսանիւթի անբաւարարութիւն.
- Արեան մակարդումի (coagulation) խանգարում.
- Արեան թիթեղիկներու նուազում.
- Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ Aspirine, cortisone.
- C կենսանիւթի անբաւարարութիւն, որ կը յառաջացնէ լնտախտ (scurvy) եւ լինտի արիւնահոսութիւն.
- Մանգաղաձեւ կարմիր գնդիկներու սակաւարիւնութիւն (sickle cell anemia).
- Ծովարիւնութիւն (thalacemia), որ ժառանգական արիւնային հիւանդութիւն մըն է։

բ. Արիւնային քաղցկեղ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia) եւ Hemo-philia, որ ժառանգական արիւնահոսային հիւանդութիւն մըն է:
Գ. Անօթային (vascular) ախտաբանական փոփոխութիւններ՝ անօթներու պատերու տկարութիւն եւ կարծրացում, անօթներու պատախաւերու (wall layers) բաժանում-ճեղք (dissection), զարկերակներու լայնացում եւ նեղացում եւ անօթային բորբոքում (vasculitis).
Դ. Արեան յառաջացած գերճնշում, որուն պատճառով անօթապատերը կը տկարանան, կը բարակնան եւ ակամայ կը բացուին։
Ե. Մարմնական հիւանդութիւններ, օրինակ՝ ընդերային տենդ ժանտատենդ (typhoid fever), ստամոքսային խոց (ulcer), հաստ աղիքի մնայուն բորբոքում, բարակ աղիքներու սուր բորբոքում եւ ծոցաբորբ (diverticulitis), աղիքային ցցունքներ (polyps), ակռայի արտահանում, լնդաբորբ (gingivitis), Dengue, որ արիւնահոսութեան ժահրային հիւանդութիւն մըն է եւ կը յառաջանայ մժեղի խայթուածքով։
Զ. Մարմնական զանազան տեսակի քաղցկեղ:
(Վերջը Յաջորդիւ)