ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրով Օգոստոս 4ին Երեւանէն մեկնեցաւ Մոսկուա եւ անցաւ իր պաշտօնի գլուխը:
27 Յուլիսին, հարցաքննութեան համար Երեւան ժամանած Եուրի Խաչատուրով, Մարտ 1ի արիւնալի իրադարձութիւններուն ընթացքին Երեւանի կայազօրի պետն էր, ապա՝ Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ:
Մարտի 1ի գործով ան մեղադրուած է սահմանադրական կարգը տապալելուն մէջ: Դատարանը անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրած է 5 միլիոն դրամ գրաւը:
Խաչատուրովին մեղադրանքի ներկայացումէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները նախաձեռնեցին ՀԱՊԿի մէջ Խաչատուրովը փոխարինելու գործընթաց:
Հակառակ ներկայացուած մեղադրանքներուն, Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ Խաչատուրովի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը արգելք չէ, որ ան բացակայի երկրէն եւ Մոսկուա մեկնի կատարելու իր պարտականութիւնները: