ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան որոշումով, «Բոնվառոն» ընկերութեան տրամադրուեցաւ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) տարածքին շահագործողի արտօնութիւն՝ մշակուող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, համեմատական ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ նախատեսուած է ծրագիրին ընթացքին արտածման տարեկան ծաւալները 1 միլիոն տոլարէն հասցնել 5.1 միլիոն տոլարի:
«Ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել շուրջ 195 միլիոն տոլարի ներդրում. պիտի ստեղծուի 102 նոր աշխատատեղ: Արտածման ուղղութիւններն են Ռուսիա, Վրաստան, Իրան եւ այլ երկիրներ», ըսաւ Մինասեան՝ աւելցնելով, որ այս ընկերութիւնը առաջինն է, որ կը ստանայ «Մեղրի» ԱՏԳի մէջ գործունէութիւն իրականացնելու արտօնութիւն:
«Կարեւորը այն է, որ իրականացնենք համակարգում՝ հասկնալու համար, թէ ինչ դժուարութիւններու կը բախի ընկերութիւնը, որպէսզի զանոնք յետագային կարգաւորենք», իր կարգին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: