ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որեւէ ուղղակի կամ անուղղակի կապ չունի «Էրեբունի Պլազա»ի մէջ նախատեսուած Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսի տապալման հետ: Այս մասին 168.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեան՝ պատասխանելով այն դիտարկման՝ ըստ որուն, ցոյցի մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի մօտիկ շրջապատէն անձեր եւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներ:
«Իհարկէ՝ ոչ», ըսաւ Եղոյեան՝ նկատել տալով, որ քաղաքական քննարկում ձեւաւորելու առումով վարչապետի դերը մեծ է, եւ ան այս պահու դրութեամբ ամէնէն յայտնի քաղաքական գործիչն է Հայաստանի մէջ:
«Քաղաքական հայեացքներից, քաղաքացիական դիրքորոշումից բխած գործողութիւն է, ամէն մարդ ազատ է իր գործողութիւններում: Այստեղ էականն այն է, թէ այդ մարդը որեւէ պաշտօն զբաղեցնու՞մ է», ըսաւ Եղոյեան՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն իրողութլան վրայ, որ բողոքի ցոյցի մասնակցողներուն մէջ կային նաեւ այլ կուսակցութիւններու համակիրներ կամ անկուսակցականներ:
Եղոյեանը չուզեց մեկնաբանել Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիկտոր Սողոմոնեանի յայտարարութիւնը, թէ «իշխանութիւնը վախենում է, որ Ռոբերտ Քոչարեանը խօսի, եւ դրա համար իրենց ակտիւիստներին (գործիչները-Խմբ.) ուղարկել էին՝ ասուլիսը տապալելու»:
Արդեօք կա՞յ մէկը որ կ՛ակնկալէր թէ՝ «Իհարկէ՝ այո», ըսէր վարչապետի մամլոյ խօսնակ Արման Եղոյեան…