ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան Երեքշաբթի, 14 Օգոստոսին հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առընթեր Արտասահմանեան մասնաւոր մեծ ներդրումներու ընկերակցութեան (OPIC) գործադիր փոխնախագահ Տէյվիտ Պոհիկեանի հետ:
Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Ամերիկայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների յարաբերութիւնները չափազանց բարձր ընթացքի մէջ են: Համոզուած եմ, որ մեր համատեղ աշխատանքը մի նոր մակարդակի կը բարձրացնի այդ յարաբերութիւնները, եւ դրա լաւագոյն ցուցիչներից մէկը՝ քաղաքականից զատ, տնտեսական յարաբերութիւններն են», նշեց նախարար Մինասեան: Ան ներկայացուց տնտեսութեան ոլորտէն ներս երկրի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն ընթացքը:
Պոհիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար: «Ինծի համար պատիւ է Ամերիկայի կառավարութեան կողմէ այցելել Հայաստան՝ հանդիպելու նոր ղեկավարութեան հետ, ամրապնդելու մեր յարաբերութիւնները եւ բացայայտելու ամերիկեան ներդրումներու յաւելման հնարաւորութիւնները: OPIC-ը կը ձգտի օժանդակել առաւել կայուն ու անկախ Հայաստանի կայացման՝ այնպիսի ծրագիրներու միջոցով, որոնց մէջ ապահովուած են կուռ չափանիշներ եւ որոնք թափանցիկութեան միջոցով կը կանխեն զեղծարարութիւնը: Մենք կը ձգտինք օգտակար ըլլալ Հայաստանի զարգացման ներդրումներու միջոցով, որոնք ուղղուած են ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման եւ այն առանցքային ոլորտներուն, որոնք ունին տնտեսական աճ, աշխատատեղեր ու մարդոց համար տեւական օգուտներ ապահովելու հեռանկար», ըսաւ OPIC-ի գործադիր փոխնախագահը եւ ներկայացուց ամերիկեան պետական մարմին հանդիսացող այս ընկերութեան գործառոյթները:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ այս կառոյցը կ՛իրականացնէ 6 ծրագիր: OPIC-ը ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ ներդրումներու իրականացումը կ՛ապահովէ համաֆինանսաւորման, քաղաքական եւ այլ վտանգներու ապահովագրման եւ վարկաւորման միջոցով: