ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- ՄԱԿը զգուշացուց հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ քաղաքին մէջ տիրող իրավիճակէն, նշելով, որ ահաբեկիչներու վերջին կայանը հանդիսացող քաղաքին մէջ մօտաւորապէս մէկ միլիոն երեխայի կեանքը վտանգի տակ է:
«Lebanon 24» լրատուական կայքը կը գրէ, թէ ՄԱԿի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ներկայացուցիչ Խայրաթ Քապալարիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, թէ յարձակումներու թիրախ դարձած են ՄԱԿի հովանաւորած առողջապահական երեք կեդրոններ, որոնցմէ երկուքը, որոնք կանանց եւ երեխաներու բժշկական օգնութիւն կը տրամադրէին, ներկայիս դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Իտլիպի բնակչութեան թիւը կը հասնի մօտաւորապէս 3 միլիոնի, որուն գրէթէ կէսը զինեալ ահաբեկիչներ եւ անոնց ընտանեական պարագաներն են, եւ որոնք հոն տեղափոխուած են երկրի զանազան շրջաններէ:
Միւս կողմէ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը հաղորդէ, որ Իտլիպ նահանգի Սարմատա քաղաքին մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցած պայթումին պատճառած զոհերու թիւը բարձրացած է 69ի, որոնցմէ 52ը քաղաքայիններ են, ներառեալ՝ 17 երեխաներ եւ 14 կիներ, իսկ մնացեալին մեծամասնութիւնը՝ իսլամական զինեալ խմբաւորումներու անդամներ: Դիտարանը կ՛ընդգծէ, որ զոհերուն մեծամասնութիւնը Հոմս նահանգէն տեղահանուածներ են: Զոհերու թիւը կրնայ բարձրանալ, որովհետեւ տասնեակներով վիրաւորներու վիճակը ծանր է: Նշենք, որ պայթումը տեղի ունեցած էր շէնքի մը մէջ, որուն մէջ զէնքի պահեստանոց մը կար: Պահեստանոցը կը պատկանէր զէնքի ապօրինի վաճառքով զբաղող խմբաւորումի մը:
Իտլիպը Սուրիոյ վերջին շրջանն է, որ տակաւին կը գտնուի զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ: