ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, Հինգշաբթի, 16 Օգոստոսին, «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանին տուած իր բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց իր՝ քաղաքականութեան դաշտ վերադառնալուն մասին, թէեւ՝ առանց ձեւաչափի յստակացումի: Միեւնոյն ժամանակ, պաշտօնաթող նախագահը կոչ ըրաւ բացայայտելու նախաքննական գաղտնիքը՝ Մարտ 1ի գործի դատաքննութեան ընթացքին: Իր կարծիքով՝ պաշտպան փաստաբաններու խումբը «ջախջախել է» մեղադրանքը, որ, ըստ Քոչարեանի, կառուցուած է կեղծ եզրակացութիւններու վրայ:
Ան քաղաքականութիւն պիտի վերադառնայ իբրեւ անհա՞տ, թէ պիտի փորձէ քաղաքական ուժի ձեւաւորման մասին մտածել… Քոչարեան այս հարցումին պատասխանեց՝ ըսելով. «Այդ վերադարձը կարող է լինել տարբեր ձեւաչափերով»: Ըստ իրեն՝ իր վերադարձը պայմանաւորուած է աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակով:
«Նայէք՝ ո՞ւր է Հայաստանը եւ ի՞նչ երկրներով ենք շրջապատուած, նաեւ նայէք մեր յարաբերութիւններին՝ այդ երկրների հետ», ըսաւ Քոչարեան՝ պարզաբանելով, որ ներկայիս ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները ամենացած մակարդակի վրայ են, Ամերիկա-Իրան յարաբերութիւնները՝ նոյնպէ՛ս, իսկ Թուրքիան ընդհանրապէս յարձակողական կեցուածք ընդունած է: