ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի կառավարութիւնը կրճատեց Երեւանի աւագանիի լիազօրութիւններուն ժամկէտը: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) կողմէ յայտարարուած օրը՝ Երեւան համայնքին մէջ պիտի նշանակուին ու իրականացուին Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ հրապարակումէն 30-40օրեայ ժամկէտի մէջ ԿԸՅն կը նշանակէ Երեւանի արտահերթ ընտրութիւններուն օրը:
«Ասիկա մեր կառավարութեան օրօք տեղի ունենալիք առաջին այս ծաւալի ընտրութիւնն է, եւ յոյս ունինք, որ բոլորս կը գիտակցինք, որ այս ընտրութիւնները պէտք է ըլլան բացառիկ՝ օրինականութեան, թափանցիկութեան ու արդարութեան առումով», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ իր գլխաւորած կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն է ընտրութիւններու ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու օրինականութիւնը ապահովելը:
«Ես յատուկ կերպով կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել, որ հարցերը շատ յստակ ձեւակերպուած են՝ ընտրակեղծարարներու խումբերը այս ընտրութիւններուն որեւէ ընելիք չունին, իսկ եթէ յանկարծ պարզուի, որ իրենց կարծիքով ընելիք ունին, կու գայ իրաւապահ մարմիններու արագ, շեշտակի եւ արդիւնաւէտ ընելիքին ժամանակը: Այս ընտրութիւններուն ընտրակաշառքի որեւէ դէպք պէտք չէ արձանագրուի կամ ընտրակաշառքի փորձ ընող ոեւէ անձ պէտք չէ մնայ առանց պատասխանատուութեան», ըսաւ վարչապետը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու կամքին վրայ որեւէ ապօրինի ազդեցութիւն պէտք է բացառուի եւ այս ապահովելը կառավարութեան պարտաւորութիւնն է:
«Ամէն ինչ ճիշդ այսպէս պիտի ըլլայ: Յոյս ունիմ, որ ոեւէ մէկը չի դիմեր իր բախտը փորձելու գայթակղութեան, նկատի ունիմ յայտնի խումբերն ու շրջանակները, իսկ եթէ դիմէ՝ իր ընտրութիւնն է, այդ պարագային Հայաստանի օրէնքը յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ ինչ պէտք է ընեն իրաւապահ ու պետական մարմինները», շեշտեց վարչապետը: