Սուրիական պատերազին ընթացքին Գանատա տեղափոխուած 21ամեայ Շուշի Պեքիարեան հնարած է օդանաւներու համար սարք մը, որ կ՛աշխատի վերականգնող ուժի միջոցով:
«Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ սարքը, որ ունի «Վենթիւս» (Ventus) անունը, նախատեսուած է փոքրիկ օդանաւներու համար, եւ քամիի ուժի միջոցով հնարաւորութիւն կու տայ օդանաւին մէջ լեցնել բջիջային հեռախօսներ, պլանշէթներ, GPS-ներ եւ այլ միջոցներ, ինչպէս նաեւ 3-5 աստիճանով պաղեցնել օդը:
Շուշին ծնած եւ մեծցած է Հալէպ, ուրկէ 2016ին հեռացած է ու հաստատուած Գանատա: Այստեղ ան ընդունուած է «Քոնքորտիա» համալսարանի տիեզերական ճարտարագիտութեան բաժինը, ուր սկսած է ուսումնասիրելու օդանաւերու, վերականգնող ուժի եւ ուժի շարժիչներու համակարգերը:
Շուշին այս տարեսկիզբէն ի վեր կ՛աշխատի «Սթաթոս Էվիէյշըն» (Stratos Aviation) ընկերութեան մէջ՝ իբրեւ վարիչ: Այս տարի ան հիմնադրեց «Սթաթոս Էյրօսփէյս Լեպ»ը (Stratos Aerospace Lab), որուն նպատակն է խթանել օդանաւերու համակարգերու եւ ճարտարագիտութիւններու զարգացումը ուսանողներու, ճարտարագէտներու եւ ձեռնարկատէրերու համար: