ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 7 Օգոստոսին կալանքէ ազատ արձակեց «Սասնայ Ծռեր» խումբի անդամներ Վարուժան Աւետիսեանը ու Արայիկ Խանդոյեանը: Ազգային ժողովի «Ծառուկեան» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու անձնական երաշխաւորութեամբ փոխուած է անոնց խափանման միջոցը:
Վարուժան Աւետիսեան լրագրողներու յայտնեց, որ ինք լաւ կը զգայ, բայց անհանգիստ է բանտ գտնուող իր միւս ընկերներուն համար:
«Կիսատութեան զգացում ունեմ, քանի որ ընկերներիս մի մասը դեռ անազատութեան մէջ է, բայց յուս ունիմ, որ բոլոր հարցերը կը կարգաւորուին ու արդարութիւնը կը վերահաստատուի», ըսաւ Աւետիսեան:
«Սասնայ Ծռեր»ու խումբի ազատ արձակուած անդամները յայտնեցին, որ Հանրապետութեան հրապարակ կ՛երթան՝ մասնակցելու Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքին: