ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է Հոկտեմբեր 13ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, իր հեղինակաւոր «Ազատութեան Մրցանակ»ով մեծարել Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմին բեմադրիչը՝ Թերի Ճորճը:
Իրլանտացի Թերի Ճորճ «Օսքար»ի արժանացած բեմադրիչ եւ բեմագիր է, որ բեմադրած է նաեւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան նուիրուած «Հոթել Ռուանտա» ֆիլմը, ինչպէս նաեւ հեղինակած է Իրլանտայի Հանրապետական բանակի անջատողական պայքարին նուիրուած՝ «Յանուն Հօր» («In the Name of the Father») ֆիլմին բեմագրութիւնը՝ բազմաթիւ այլ ֆիլմերու արտադրութեան մասնակցելու կողքին:
Յիշեցնենք, որ «Խոստումը» ֆիլմը իրականութիւն դարձած էր շնորհիւ հանգուցեալ բարերար Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») ընկերութեան, որուն առաջին արտադրութիւնն էր սոյն շարժապատկերը:
Ֆիլմի արտադրութեան օրերուն, Թերի Ճորճ եւ ֆիլմին արտադրողները շարունակական ճնշումներու տակ էին թրքական իշխանութեանց կողմէ, որոնք ամէն միջոցի կը դիմէին՝ ձախողութեան մատնելու համար ծրագիրը: Սակայն անոնց ջանքերը ձախողեցան: Ֆիլմը արտադրուեցաւ եւ ցուցադրուեցաւ աշխարհի տարածքին, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, Վատիկանի եւ շարք մը այլ վայրերու մէջ:
Թերի Ճորճ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազատութեան Մրցանակ»ը այս տարի իրեն շնորհելու Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի որոշումին համար, նոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը առաջատար դերակատարութիւն ունեցած էր ֆիլմին տարածումը ապահովելու աշխատանքին մէջ։
Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել https://ancaef.org/gala կայքը կամ դիմել (201) 788-5425 թիւին։