ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական ֆիլմի ընկերակցութիւնը, համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան, իր յաջորդ ձեռնարկը պիտի իրականացնէ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին։
Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Նիքոս Քուտուրոսի բեմադրած «1922» ֆիլմը, որ արտադրուած է 1978ին եւ կը վերաբերի Փոքր Ասիոյ մէջ քեմալական ուժերու ձեռամբ իրագործուած յոյներու եւ հայերու տեղահանութեանց եւ սպանդներուն։
Մուտքը ազատ է Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան անդամներուն համար։ Անդամակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին:
Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, տեղի պիտի ունենայ քննարկում, առաջնորդութեամբ Հելենական համալսարանի փոխնախագահ Ճորճիա Սթավրոփուլոսի։
Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան նպատակն է ի մի բերել շարժապատկերի սիրահարները, ֆիլմեր դիտելու եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարելու նպատակով: Կը ծրագրուի նաեւ աշխատանիստեր եւ դասախօսութիւններ կատարել այդ ընթացքին:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com ու armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն: