ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաժողովներու սրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոսին, եզակի նուէր մը յանձնուեցաւ Թանգարանին. սուրիահայ հայրենադարձ Ճորճ Բարսեղեան թանգարանին նուիրեց իր ընտանեկան մասունքը՝ Այնթապի հերոսամարտին ընթացքին օգտագործուած ատրճանակը:
Մասնագիտութեամբ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեան արդէն վեց տարի է վեր մշտական բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ: Առաւել կապուելով հայրենիքին՝ ան հաստատապէս որոշած է սերունդէ սերունդ փոխանցուած ընտանեկան մասունքը՝ ատրճանակը, ի պահ տալ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին:
«Այստեղ անոր վերջնական եւ մշտական արժանի վայրն է՝ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը յաւէրժացնող սրբատեղին, ուր անիկա կարելի եղածին չափ մօտիկ է նահատակներու հոգիներին», համոզուած է Բարսեղեան:
Ատրճանակը պատկանած է իր հօր մեծ հօր՝ Գիրգոր (Գեւիրկ) Բարսեղեանին, որ մասնակցած է Այնթապի հերոսամարտերուն: Բարսեղեան զէնքը Հայաստան գալէն առաջ ի պահ տուած էր Սուրիոյ մէջ Հայատանի Հանրապետութեան դեսպանատան, եւ միայն վերջերս Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլադեանի ջանքերով կրղցած էր դուրս բերել Սուրիայէն:
«Սա չափազանց կարեւոր նուիրատուութիւն է, թանգարանային միաւոր, որն իր մէջ խտացնում է հայ ժողովրդի մարտական ոգին, վերապրելու կամքն ու յաղթանակի նկատմամբ ունեցած վստահութիւնը», յայտնեց թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նարինէ Մարգարեան:
Միջոցառման ներկայ էին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլադեան, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմետ Հաճ Իպրահիմ, Թանգարանի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ եւ այլ հիւրեր: