ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրաբ Մնացականեան ընդունեց Եվրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրէմինկէրը:
Ողջունելով հիւրը՝ Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան ԵԱՀԿը կ՛արժեւորէ իբրեւ տարածաշրջանային կարեւոր գործոն, եւ վերջինիս հետ տարբեր մարզերու մէջ համագործակցութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ երկրին արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Մնացականեան ընդգծեց հայկական կողմի պատրաստակամութիւնը շարունակելու ԵԱՀԿի հետ գործնական գործակցութիւնը «Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրի» շրջագիծին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին ԵԱՀԿի քարտուղարութեան եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան միջեւ համագործակցութեան ծրագիրներու շուրջ:
Ներկայացնելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ներքին քաղաքական զարգացումները, Մնացականեան նշեց, որ նոր կառավարութեան ծրագիրին մէջ առաջնահերթութիւն է ժողովուրդին կողմէ տրուած մանտային հիման վրայ շարունակել բարեփոխումներու գործընթացը՝ օրէնքի գերակայութեան, արդարադատութեան, տնտեսական եւ ընկերայն մարզերու մէջ հաւասար կարելիութիւններու ապահովման եւ փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերեալ:
Մնացականեան եւ ԵԱՀԿի գլխաւոր քարտուղար Կրէմինկէր քննարկեցին նաեւ Արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները: Երկուստեք ընդգծուեցաւ հիմնահարցը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը միջազգային հանրութեան մանտան ունեցող ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ: Այս առումով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ հայկական կողմին համար բանակցային գործընթացին մէջ առաջնակարգ տեղ կը գրաւէ Արցախի կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը, իսկ գործընթացի յառաջդիմութեան համար կարեւոր է խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորումը: Այս ուղղութեամբ Մնացականեան հիմնական նկատեց նախկին պայմանաւորուածութիւններու անշեղ կատարումը, զինադադարի ռեժիմի խախտումներու եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան դադարեցումը: