ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ընտրակեղծարարութեան պատիժը խստացնող նախագիծը առաջին ընթերցմամբ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ: Նախագծին կողմ քուէարկեց 66 պատգմաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ չկար:
Նշենք, որ նախագիծով վարչական դատավարութեան օրէնսգրքի մէջ որոշ ընտրական իրաւախախտումներ կ՛առաջարկուի դարձնել քրէօրէն պատժելի՝ նկատի առնելով անոնց ծանր հետեւանքները:
Նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ որոշ պատիժներ խստացնել եւ զանոնք նկատել ոչ թէ միջին ծանրութեան, այլ ծանր յանցագործութիւններ: