Յարգելի խմբագրութիւն «Ասպարէզ» օրաթերթի,
Թերթի Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018ի թիւին մէջ կարդացի խմբագրական խորհուրդի անդամ Արման Պաղտոյեանի պատասխան-յօդուածը՝ «Մեր Յօդուածները Պէտք Է Քննական Մօտեցում Ունենան» խորագիրով, ի պատասխան իմ… պատասխան-յօդուածիս:
Իմ նշեալ յօդուածիս մէջ, ես այս մասնայատուկ նիւթով հիմնական ըսուելիքը ըսած եմ եւ բնաւ անհրաժեշտ չեմ գտներ շարունակելը. հակառակ անոր, որ Արման Պաղտոյեանի վերը նշուած յօդուածը կը պարունակէ նոր հարցականներ եւ անընդունելի վերագրումներ: Հետեւաբար, ինծի համար, գէթ մամլոյ էջերուն մէջ, հարցը փակուած է եւ վերջ:
Յարգանքներով՝
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Լոս Անճելըս,
29 Օգոստոս 2018
29 Օգոստոս 2018-ին՝ «Լոս Անճելըս»էն յղուած նամակը 9 օրե՞ր առաւ «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն (Հոլիվուտ) հասնելու համար: