ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 5ին ընդունած է «Թումօ» ստեղծարար կեդրոնի խորհուրդի անդամներ Բեկոր Փափազեանին, Ռեւ Լիպարիտեանին, Ալեքս Սերոբեանին եւ «Թումօ»ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին‘ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական եւ բարձր արհեստագիտութեանց (ՏՏ) ոլորտի յետագայ զարգացման հեռանկարները քննարկելու նպատակով:
Վարչապետը ողջունած է «Թումօ»ի խորհուրդի անդամներու՝ մասնաւորապէս, ՏՏ ոլորտի զարգացման աջակցելու ցանկութիւնը: Փաշինեան նշած է, որ «Թումօ»ն կրնայ դառնալ Հայաստանի «պրանտ»ը աշխարհի տարածքին, մանաւանդ եթէ հաշուի առնենք նաեւ Հայաստան այցելող օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետաքրքրուածութիւնը արհեստագիտութեանց կրթութեան հայաստանեան նախատիպով: «Տպաւորիչ եւ ողջունելի են «Թումօ»ի այսօրուայ ձեռքբերումները, բայց դա բաւարար չէ. կայ նոր յաջողութիւններ գրանցելու մեծ ներուժ, եւ կառավարութիւնը պատրաստ է հնարաւորինս աջակցել այդ գործընթացին», ըսած է վարչապետը:
«Թումօ»ի խորհուրդի անդամները նշած են, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը մեծապէս ոգեւորած է սփիւռքահայութիւնը, եւ առկայ է մեծ ցանկութիւն, շահագրգռուածութիւն եւ պատրաստակամութիւն՝ աջակցելու հայրենիքին յաջողելու ժողովրդավարական բարեփոխումները, նոր թափ հաղորդելու տնտեսութեան զարգացման: Անոնք վարչապետին ներկայացուցին «Թումօ»ի խորհուրդի միւս անդամներ՝ Ալեքսիս Օհանեանի եւ Րաֆֆի Գրիգորեանի հետ համատեղ մշակուած առաջարկութիւնները ՏՏ ոլորտի զարգացման եւ համագործակցութեան ուղղութիւններու վերաբերեալ, որ կ՛ընդգրկէ աջակցութիւն Հայաստանին ՏՏ ոլորտի ընկերութիւններու հետ (մասնաւորապէս, Սիլիքըն վալիի) գործնական կապերու հաստատման գործին, ռազմավարական եւ գործառնական հարցերով խորհրդատուութեան տրամադրում, ներդրումներու ներգրաւման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքի իրականացում, նորարարական թարմ գաղափարների մշակում, տարեկան աշխատանքային հանդիպման կազմակերպում‘ ռազմավարութեան շուրջ մտքերու փոխանակութեան եւ առաջընթացի վերլուծութեան համար:
Վարչապետի առաջարկով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է համատեղ մշակել յետագայ գործողութիւններու ճանապարհային քարտէզ, ինչպէս նաեւ մշտական կապի մէջ մնալու նպատակով ձեւաւորել առցանց շփման աշխատանքային հարթակ: