ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ, նպատակ ունենալով բարելաւել երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Մաաս ընդգծած է, որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած են որոշ սխալներ եւ լարուածութիւն, սակայն կողմերը այժմ պատրաստ են համագործակցելու։ Ան շեշտած է, որ Թուրքիա Գերմանիոյ համար պարզապէս դրացի մը չէ, այլ՝ ռազմավարական դաշնակից: «Վերջին տարիներուն, որոշ հարցերու մէջ սխալ հասկցած ենք իրարու, եւ մենք խօսած ենք այդ բոլորի մասին», ըսած է գերմանացի նախարարը:
Մաաս եւ Չաւուշօղլու նաեւ քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր աջակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ՝ Իտլիպի գործողութեան հարցով վերջինիս որդեգրած դիրքորոշման մէջ:
Աւելի ուշ, Թուրքիա իր այցելութեան մասին գերմանական «Պիլթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն մէջ նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի՞ Թուրքիոյ՝ Մաաս ըսաւ. «Քաղաքական ու տնտեսական առումով, Թուրքիոյ անկայուն վիճակը չի հետաքրքրեր մեզ: Սակայն, հիմա խօսքը ո՛չ թէ յստակ նիւթական օժանդակութեան, այլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մասին է: Անոր համար ալ Թուրքիա պէտք է ջանք թափէ»: Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ տակաւին առկայ են բազմաթիւ տարակարծութիւններ, որոնք իրենց լուծումը չեն գտած:
«Թուրքիոյ մէջ անընդունելի պատճառներով կալանքի տակ կը պահուին Գերմանիոյ վեց քաղաքացիներ: Առանց մեղադրական եզրակացութեան՝ մարդիկ մէկ տարիէ աւելի կալանքի տակ կը պահուին: Այդ անընդունելի վիճակին պէտք է վերջ տալ», աւելցուց գերմանացի նախարարը: