Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 14ին պիտի այցելէ Ֆրանսա: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, յայտնած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Յառաջիկայ Ուրբաթ օր Փաշինեան պիտի գտնուի Փարիզ», ըսած է ան:
Սեպտեմբեր 14ին, Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ Փարիզի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութիւնը եւ ֆրանսահայ համայնքին առնչուող այլ հարցեր: