Սեպտեմբեր 11ի առաւօտեան, Հայաստանի սահմանակից Թուրքիոյ Իկտիր նահանգի Արալըք շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Արարատ լերան ստորոտը եւ թուրք-իրանեան սահմանին մօտերը, պայթած է թրքական բանակային զրահապատ մեքենայ մը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ 5 զինուորներ վիրաւորուած են: Յարձակումին պատասխանատու կը նկատուին Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները: