ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմ.ինֆօ».- Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ նոր ռազմական վարկի համաձայնագիրի կնքումը ընթացքի մէջ է, եւ այս պահուն, խօսքը 100 միլիոն տոլարի մասին է: Ռազմական ինքնաթիռներ այս վարկին մէջ չեն մտներ:
«Դա մի գործընթաց է, որը իրականացուելու է, ես իրաւունք չունեմ մանրամասնելու (սպառազինութեան-«Ռազմ.ինֆօ») տեսակները, ժամանակին դրա վերաբերեալ տեղեկութիւնները առկայ կը լինեն բոլորիդ համար: Համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ բաւականին յաջող ձեւաւորւում է եւ զարգանում», յայտարարեց նախարարը:
Ըստ Տօնոյեանի՝ այս պահուն նաեւ բանակցութիւններ կ՛ընթանան ինքնաթիռներու ձեռքբերման վերաբերեալ:
Նշենք, որ Հայաստան Ռուսիայէն արդէն նման երկու վարկ վերցուցած է: 200 միլիոն տոլարի վարկով մատակարարումները արդէն աւարտած են, իսկ 100 միլիոն վարկով նախատեսուած սպառազինութիւնը արտադրութեան փուլին մէջ է: