Մարտակերտի շրջանի վարչակազմի ղեկավարը յաճախ կ՛այցելէ քաղաք եւ համայնքներ ու անձամբ կը հետեւի շրջանին մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն:
Մարտակերտի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթը կը գրէ, որ քաղաքին մէջ սկսած են ճանապարներու շինարարական աշխատանքները: Այժմ, հակառակ եղանակային անբարենպաստ պայմաններուն, Սախարովի փողոցին մէջ կը կատարուին բարեկարգման, եզրաքարերու տեղադրման, նոր մայթերու կառուցման, ինչպէս նաեւ ասֆալտապատման աշխատանքներ:
Նշենք, որ ասֆալտապատուած է նաեւ շրջանի վարչակազմի յարակից տարածքը: Նախատեսուած է կատարուող աշխատանքները աւարտին հասցնել մինչեւ տարեվերջ: