ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 19 Սեպտեմբերին, պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան ընդունեց Հայաստանի մօտ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամատան եւ դեսպանատան ռազմական կցորդ, գնդապետ Ացուսի Տակացէն:
Պաշտպանութեան նախարարը շնորհաւորեց նորանշանակ կցորդը եւ յաջողութիւն մաղթած Հայաստանի մէջ անոր առաքելութեան:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնը: Իբրեւ համագործակցութեան հեռանկարային ոլորտներ՝ առանձնացուեցան ռազմական բժշկութեան, աղէտներու հետեւանքներու վերացման ընթացքին զինուած ուժերուն կողմէ փրկարար ծառայութեան տրամադրուող աջակցութեան եւ այլ ուղղութիւններով փորձի փոխանակումը:
Դեսպան Եամատան, իր կարգին նշեց պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մօտ ապագային շարք մը ուղղութիւններով յառաջընթաց կ՛արձանագրուի: