ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդականներէն՝ Իլնուր Չեւիք, համոզում յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները կրնան տարբեր ձեւերով խափանել Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարցով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ ձեռք բերուած ապահովական գօտի մը հաստատելու համաձայնութիւնը:
Ան պնդած է, որ կան Փութին-Էրտողան համաձայնութենէն դժգոհ կողմեր, որոնք պիտի փորձեն իրադարձութիւններուն ընթացքը փոխել՝ «Թուրքիան եւ Ռուսիան ամօթով ձգելու համար»:
Ըստ Էրտողանի խորհրդականին, առաջին հերթին՝ անիկա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգն է, եւ Փութին պէտք է ամէն բան ընէ՝ այդ առիթը չտալու համար անոր:
Երկրորդը, ըստ Չեւիքի, Միացեալ Նահանգներն է, որ այժմ ստիպուած է հեռուէն հետեւելու ռուս-թրքական առաւել ամրացած համագործակցութեան: