ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Սեպտեմբերին ընդունեց «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի պատուիրակութիւնը, որ Ստեփանակերտ ժամանած է հիմնադրամի արցախեան գործունէութեան 15ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն առթիւ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ իրականացող եւ նախատեսուած ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի գործունէութիւնը Արցախի մէջ, ուր կառոյցի անմիջական մասնակցութեամբ կեանքի կոչուած են բազմաթիւ կարեւոր ծրագիրներ: Նախագահը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ հիմնադրամը այսուհետեւ եւս նոյն եռանդով կը շարունակէ իր հայրենանուէր առաքելութիւնը: