ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան յաջորդ ձեռնարկը, որ պիտի իրականացուի համագործակցութեամբ «Ապրիլ» գրատան։
Այս ձեռնարկին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Ռուբէն Կինէյի բեմադրած վաւերագրական «Անդին» ֆիլմը, որ կ՛առչնուի Մետաքսի Ճամբամ օգտագործած հայ առեւտրականներուն, որոնք կրցած էին Արեւելքը միացնել Արեւմուտքին։ Ֆիլմին արտադրութիւնը տեւած է 3 տարի եւ նկարահանումները տեղի ունեցած են 11 երկիրներու մէջ։
«Ապրիլ» գրատան մէջ կայանալիք ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ ֆիլմի բեմադրիչին հետ հանրային քննարկում։
Մուտքը ազատ է Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան անդամներուն համար: Անդամակցութեան մանրամասնութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին: Հայկական ֆիլմի ընկերակցութեան նպատակն է ի մի բերել շարժապատկերի սիրահարները, ֆիլմեր դիտելու եւ անոնց մասին քննարկումներ կատարելու նպատակով:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին, կամ՝ noor@abrilbooks.com ու armenkaraoghlanian@yahoo.com հասցէներուն: