Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 22 Սեպտեմբերին մասնակցեցաւ Շամոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ամէնամեայ Միտքերու գագաթնաժողովին (Summit of Minds):
28 երկիրներէ 300 ներկայացուցիչներ բազմակողմանի քննարկում ծաւալեցին ժամանակակից աշխարհի մէջ ներդրումային ու ռազմավարական որոշումներ տալու կարելիութիւններու ընդլայնումին եւ անոնց մէջ մարդու դերակատարութեան շուրջ:
Անոնք անդրադարձան համաշխարհային տնտեսական գլխաւոր միտումներուն, անոնց ազդեցութեան ներդրումներուն ու տնտեսական ռազմավարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ խօսեցան այսօրուան եւ վաղուան աշխարհի արագութեան եւ անկայունութեան հարմարելու եւ անոնցմէ օգտուելու կարելիութիւններուն մասին:
Գագաթնաժողովի շրջանակին մէջ, ելոյթ ունենալով որպէս գլխաւոր բանախօս՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տեսակէտն ու մօտեցումները ներկայացուց քննարկուող նիւթերուն եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ: