– Հանրապետականներու կողմէ նշանակուած դատաւորները, նոյն ոճիրին համար սեւամորթ յանցագործ մը 7.8 ամիսով աւելի երկար բանտարկութեան կը դատապարտեն, քան՝ սպիտակամորթ մը։ Դեմոկրատներու կողմէ նշանակուած դատաւորներու պարագային, այդ համեմատութիւնը 4.8 ամիս է։
– 2017ին, Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան հիմնարկին կողմէ քաղաքացիներու միջեւ հեռաձայնային խօսակցութեանց եւ փոխանակուած գրաւոր պատգամներու հաւաքագրումը 3.53 անգամով աւելցած է։