ՖՐԵԶՆՕ.- Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան հարիւրամեակին եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 45ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, տեղւոյն «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ մշակութային կեդրոնի «Ռոզ Մկրտիչեան» սրահին մէջ (2348 Ventura St., Fresno, CA 93721)։
Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստանձնած են տէր եւ տիկին Վահան եւ Անուշ Շամլեանները, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Վաչէ Սողոմոնեան, տոքթ. Ճէյն Քարտաշեան, ինչպէս նաեւ Ազնիւ Վարդանեան եւ ընտանիք։
Տոմսերու սակը 75 տոլար է։ Տեղեր ապահովելու համար դիմել՝ (559) 779-4875 կամ (559) 824-5585 թիւրուն։ Կը խնդրուի տեղեր ապահովել մինչեւ Հոկտեմբեր 26։