ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին ընդունեց հայկական ծագում ունեցող յայտնի իտալացի գրող Անթոնիա Արսլանը եւ Նիւ Եորքի Մենհեթընվիլ քոլեճի դասախօս Շան Նեշ Մարշըլը:
Հանդիպման մասնակցեցաւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Արցախի կեանքին, հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: