Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր ձեւաւորած աւանդոյթին՝ ակնկալուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի առանց դաշինքի:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Ազգային ժողովի ճեպազրոյցին ընթացին այս մասին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:
«Գերագոյն ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ մասնակցիլ ընտրութիւններուն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբեք դաշինքներով չէ մասնակցած ընտրութիւններու: ՀՅԴն ամբողջ քաղաքական դաշտին մէջ կ՛առանձնանայ իր կերպարով, եւ ունենալով այդ առանձնայատկութիւնները, մենք կը գերադասենք այս անգամ եւս առանց դաշինքի մասնակցիլ», ըսաւ Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ իրենք ունին իրենց ըսելիքը: