ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հասարակութեան բոլոր խումբերու թիւ մէկ հարցը հայերէնի՝ պետական լեզուի կարգավիճակի գիտակցումն է:
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Հոկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին նշեց Լեզուի կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Գիւրջինեան:
«Մարդը մի փոքրիկ խցիկ է բացում, վրան դնում է օտար տառերով, օտար անուն: Դա զբօսաշրջիկի համար չէ, դա տուեալ մարդու մէջ նստած օտարամոլութեան, հայերէն տառերը չսիրելու, հայերէն խօսքը չգնահատելու, չկարեւորելու հետեւանք է: Այստեղ պետութիւնը պէտք է ոչ միայն խօսի պատժի մասին, այլեւ իր վերաբերմունքը ցոյց տայ», ըսաւ Դաւիթ Գիւրջինեան:
Ներկայացնելով իր ծրագիրները՝ Գիւրջինեան նշեց, որ Լեզուի կոմիտէն առաջարկած է ստեղծել հայերէնի ընդհանուր ելեկտրոնային «տերմինարան» (եզրերու բառարան-Խմբ.): Ան նկատեց, որ վաղուց բառարանները չեն թարմացուած, եւ հազարաւոր բառեր անոնց մէջ չեն ընդգրկուած:
«Դա շատ կարեւոր ծրագիր է, տերմինարանի էլեկտրոնային տարբերակը թոյլ կը տայ պարբերաբար համալրել, նոր տերմիններ (եզրեր-Խմբ.) աւելացնել: Տպագիրի դէպքում, այդ հնարաւորութիւնը չկայ», ըսաւ Գիւրջինեան: