ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Խաչատրեան, Նիկոլ Փաշինեանի եւ ֆինանսատնտեսական հատուածը ներկայացնող գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ 2018ի 9 ամիսներուն թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած է 30 տոկոսի արդիւնաբերական արտադրանքի աճ՝ 2017ի հետ համեմատած:
Խաչատրեան զեկուցեց, որ առաւել մեծ 275 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու արտադրական տուեալները ցոյց կու տան, որ 9 ամսուան հանրագումարով թողարկուած է 875 միլիառ դրամի արտադրանք: Տնտեսական ցուցանիշներու վրայ առաւել մեծ ազդեցութիւն ունեցող ոլորտները լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնը, քոնիակագործութիւնը եւ մետաղներու ձուլումն են:
2018ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 6.5 տոկոս, որ բարձր է 2017ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած արձանագրուած 5.8 տոկոսի ցուցանիշէն: