ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ արտահերթ նիստի օրակարգի վրայ ընդգրկուած են Երեւանի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջանի ղեկավարի աշխատակազմերու ցանկը, աշխատակիցներու թիւը, Երեւանի քաղաքապետին, անոր տեղակալներոնւ, խորհրդականներուն, օգնականներուն, մամուլի քարտուղարին, քաղաքապետարանի աշխատակազմի աշխատակիցներուն, վարչական շրջաններու ղեկավարներուն, ղեկավարներու տեղակալներուն, վարչական շրջանի ղեկավարին աշխատակազմերու աշխատակիցներուն պաշտօններու դրոյքաչափերը հաստատելու հարցը:
Նկատի ունենալով Հայաստանի օրէնսդրութեամբ «հաստիքացուցակ»ի հաստատման համար սահմանուած սեղմ ժամկէտը, ներկայացուած նախագիծով առաջարկուած է հաստատել նախապէս գործող հաստիքացուցակը առանց փոփոխութեան:
Այսպիսով, քաղաքապետ Հայկ Մարութեան կը ստանայ 575 հազար դրամ աշխատավարձ, անոր առաջին տեղակալը՝ 478 հազար դրամ, քաղաքապետի տեղակալները եւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը՝ 443 հազարական դրամ, քաղաքապետի գլխաւոր խորհրդականը՝ 370 հազար դրամ, խորհրդականները՝ 358 հազարական դրամ, օգնականը եւ մամուլի քարտուղարը՝ 298 հազարական դրամ:
Վարչութեան պետերու աշխատավարձը 346 հազար դրամ է:
Վարչական շրջաններու ղեկավարները կը ստանան 400 հազար դրամ աշխատավարձ:
Ընդհանուր առմամբ, 1998 պաշտօնեաներու համար կը տրամադրուի ամսական 436 միլիոն 409 հազար դրամ աշխատավարձ: