ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, պատասխանելով պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք նախարարութիւններու թիւի կրճատումի հարց դրուի՝ ըսաւ, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին երեւութները, որոնք իր ուշադրութիւնը գրաւած են Հայաստանի պետական համակարգի անարդիւնաւէտութիւնը եւ դանդաղաշարժութիւնը եղած են: «Ամէնէն տարրական հարցը լուծելու համար ստիպուած ենք շատ երկար սպասելու, մինչեւ որ բոլոր ընթացակարգերով, բոլոր տեղերով անցնի, տակաւին չեմ խօսիր այն մասին, որ որոշ տեղեր դանդաղ կերպով ամէն ինչ տեղի կ՛ունենայ: Չեմ ուզեր գաղտնի պահել, որ մենք հարց ունինք ոչ թէ կրճատելու, այլ կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու», յայտնեց վարչապետի պաշտօնակատարը:
Ըստ Փաշինեանի՝ այսօր Հայաստանի մէջ նախարարութիւններու թիւը աւելի շատ է։ «Այո, մեր քաղաքական ընկալումը այն է, որ մեր նախարարութիւններու թիւը պէտք է շօշափելիօրէն կրճատուի: Եւ մենք յոյս ունինք, որ այդ մէկը պիտի իրականացնենք, երբ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն լիազօրութիւն կը ստանանք մեր ժողովուրդէն: Բայց այս չի նշանակեր, որ մենք գոց աչքերով, ուղղակի մոլեռանդօրէն պէտք է ամէն ինչ կրճատենք: Մենք կը հասկանանք, որ որոշակիօրէն հաւասարակշռուած գործընթացներ պէտք է ըլլան: Բնականաբար, մեր որեւէ մէկ գործողութիւն ուղղուած կ՛ըլլայ հարցերու լուծման, ոչ թէ հարցեր յառաջացնելու: Այս շրջագիծին մէջ պետական կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը, այդ շարքին թուայնացման միջոցով, մեզի համար ամենակարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկն է, որ մենք պէտք է լուծենք: Ի վերջոյ, պետական կառավարման համակարգը հարցերու լուծման տեսանկիւնէն առաջնային դեր ունի, եւ մենք պէտք է ճշգրիտ ու ժամանակին հարցերը ախտորոշենք եւ լուծումներ առաջարկենք», մանրամասնեց Փաշինեան։
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց, որ կառավարութիւնը եւ անոր կառուցուածքը միայն երեւցող մասն են: «Բայց շատ աւելի աներեւելի մասեր կան: Յաջորդ արձանագրումը այն է, որ կառավարման ձեւական համակարգին զուգահեռ կան նաեւ ոչ-պաշտօնական համակարգներ: Որովհետեւ նախարարութիւններուն մէջ ունինք վարչութիւններ, բաժիններ եւ այլն, իսկ կառավարութեան զուգահեռ ունինք հիմնադրամներ, ծրագիրներու իրականացման գրասենեակներ եւ պետական ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններ: Կը կարծեմ, որ ասիկա խնդրայարոյց է: Չեմ ըսեր, որ մենք գոց աչքերով ամէն ինչ պիտի կտրենք, բայց, անշուշտ, այս հարցին լրջօրէն պիտի անդրադառնանք, եւ արդէն իսկ սկսած ենք այդ անդրադարձը, յատկապէս, 2019ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումի ծիրին մէջ», ըսաւ Փաշինեան: