ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, թէ ռուսական «Էս.400» տիպի հակօդային պաշտպանութեան հրթիռներու տեղակայումը պիտի սկսի Հոկտեմբեր 2019ին: Աքար ըսաւ, որ թուրք զինուորներու խումբ մը արդէն մեկնած է Ռուսիա, հրթիռներու սպասարկումին համար անհրաժեշտ մարզումներու մասնակցելու: Ան նոյն ժամանակ յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ռազմական համագործակցութիւնը եւ մասնաւորաբար՝ «Էֆ.35» ռազմական օդանաւերու մատակարարման գործարքը ի զօրու կը մնայ:
Նախարարը չըսաւ, թէ երկրին ո՛ր շրջանին մէջ պիտի տեղակայուին ռուսական հրթիռները: Խօսելով այդ հարցերուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի անդամ երկիրներուն արտայայտած մտահոգութիւններուն՝ Աքար յայտնեց, որ այդ համակարգերը Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ են՝ աւելցնելով. «Ամերիկայի կամ ՆԱԹՕի համար ոչ մէկ հարց պիտի ստեղծենք»։