ԱՏԷՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Եմէնի տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ աջակցելու Եմէնի հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆիցի առաքելութեան եւ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու:
Հակառակ անոր, որ վերջին քանի մը տարիներուն Ուաշինկթըն գործնականապէս նեցուկ կը կանգնի Եմէնի վրայ Սէուտական Աբաբիոյ ռմբակոծումներուն, արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ ժամանակն է վերջ տալու Եմէնի պատերազմին, շեշտելով, որ պէտք է կասեցուին ոչ միայն հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէն Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն վրայ յարձակումները, այլ նաեւ սէուտական դաշինքին կողմէ բնակելի բոլոր շրջաններուն ռմբակոծումները:
«Շինիչ խորհրդակցութիւնները պէտք է Նոյեմբերին սկսին երրորդ երկրի մը մէջ՝ գործադրելու համար վստահութեան հաստատման քայլերը», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլի ֆրանսական «Պէ.Էֆ.Էմ.» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ժամանակն է վերջ տալու Եմէնի պատերազմին: «Փարիզ ճնշում պիտի բանեցնէ քաղաքական լուծումի հասնելու համար, որովհետեւ Եմէնի տագնապը զինուորական լուծում չունի», նշեց ան:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ հերքեց այն լուրը, թէ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ճուպէյր Եմէնի հարցով հաղորդակցութիւններ ունեցած է Իրանի հետ: