ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- 11 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի կազմակերպութեամբ, Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն մը, նշելու համար Համաշխարհային Ա. պատերազմի զինադադարի 100ամեակը։
Մաքրոն յայտարարած էր, թէ այս առիթով Ֆրանսա պիտի հրաւիրուին պատերազմին մասնակցած մօտաւորապէս 80 երկիրներու նախագահներ կամ կառավարութեան ներկայացուցիչներ, որոնց մէջ կրնայ գտնուիլ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան։
Թուրքիոյ ուղղեալ հրաւէրը բողոքի ալիք բարձրացուցած է ֆրանսահայ շրջանակներէն ներս եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը ¤ՖԿՀԽ) յատուկ նամակ մը յղած է նախագահ Մաքրոնին՝ դիտել տալով, որ Մաքրոն փափաք յայտնած էր, որ «հանդիպումը կազմակերպուի, որպէսզի պատմութիւնը չթոթովէ։ 2018ը պէտք չէ ըլլայ յաղթանակի մը նշումի թուական, այլ պէտք է ըլլայ պատասխան մը այն համաշխարհային հայելիին, որուն վրայ յաճախ նախընտրութիւն կը տրուի արմատականութեան, բրտութեան, կոպտութեան»։
Այս մէջբերումը կատարելէ ետք, կը շեշտուի, որ այս հաւաքը կը կազմակերպուի անցեալի տխուր փորձառութենէն դասեր քաղելու փիլիսոփայութեամբ, ուրեմն՝ Թուրքիոյ ներկայութիւնը անյարիր է, «որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ 1.5 միլիոն հայու կեանքը խլած Ցեղասպանութիւնը եւ մանաւա՛նդ այն, որ այդ ոճիրը գործուած է Համաշխարհաին Ա. պատերազմի տարիներուն»։
ՖԿՀԽի այս առաջին քայլէն ետք, երկու երեսփոխաններ՝ Վալերի Պուայէ եւ Լիւք Քարվունաս, նոյն հարցով անջատաբար դիմեցին Մաքրոնին։ Պուայէ դիտել տուաւ, որ զինք կը մտահոգէ Էրտողանի հաւանական ներկայութիւնը 11 Նոյեմբերի արարողութիւններուն, նշելով որ «Էրտողանի գլխաւորած վարչակարգը կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ 1974էն ի վեր գրաւուած կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը»։ Երեսփոխանուհին հետեւեալ հարցումը ուղղած է Մաքրոնին. «Ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մասին, առանց մտաբերելու 100 տարի առաջ պատահած պատմական ողբերգութիւնը եւ առանց արծարծելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Կարմիր գո՞րգ պիտի փռէք այն ղեկավարին առջեւ, որ հարցեր ունի իր պատմութեան հետ եւ երբ իրեն կը խօսիք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, կը սկսի տառապելու մոռացութենէ։ Այս ղեկավարին վարչակարգը բացէ ի բաց կողմնակից է Պաքուի՝ Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցի մէջ եւ ի վերջոյ՝ քաղաքացիական պատերազմի մէջ է քիւրտ ժողովուրդին դէմ»։
Նոյնիմաստ իր նամակին մէջ Լիւք Քարվունաս անհասկնալի կը գտնէ Թուրքիոյ նախագահին հրաւիրուիլը՝ աւելցնելով. «Նկատի ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ Էրտողանի դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ անոր հակաժողովրդավարական գործողութիւնները, Էրտողան պէտք չէ հրաւիրուի Փարիզ»։