Թ. Շ.
Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ի յետմիջօրէին, Իսի-լէ-Մուլինոյի (փարիզեան արուարձան) Հայ մշակոյթի տան մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Օ-տը-Սենի մասնաճիւղին:
Ցերեկոյթին ելոյթ ունեցաւ մշակոյթի տան տնօրէն Տիգրան Գարաօղլանեան եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Համազգայինի գործունէութիւնը պարփակող կարճ ժապաւէն մը: Առաջին խօսք առնողը մանկական գիրքերու հեղինակ Յասմիկ Շահինեանն էր: Ան, անդրադառնալով Համազգայինի 90 տարիներու գործունէութեան եւ առաքելութեան՝ ըսաւ. Համազգային ընկերակցութիւնը իր գոյութեան 90 տարիներուն ընթացքին իր կրթական եւ մշակութային հիմնարկներուն ճամբով գործած է ի նպաստ հայերէնի եւ հայ մշակոյթի աւանդումին ու յառաջմղումին: Համազգայինը միջազգային ցանց մըն է մշակութային ստեղծագործութեան եւ հարստացման յանձնառու անձերու, որոնք ունին հայ ինքնութեան հասարակաց դրական եւ լայնամիտ տեսլական մը: Ինքնութիւն մը, որ կը սնանի մշակութային ժառանգութեամբ եւ վճռակամ ուղղուած է դէպի ապագայ»:
Այնուհետեւ, անդրադառնալով Հօ-տը-Սենի մասնաճիւղի ստեղծումին, ան յայտնեց, թէ նպատակը նախ եւ առաջ գործե՛լ է ի նպաստ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին թէ՛ անոր պատերէն ներս եւ թէ անոր շրջափակէն դուրս՝ ճոխացնելով պզտիկներուն եւ մեծերուն հրամցուող հարուստ եւ այլազան մշակոյթը, բան մը, որ առիթ պիտի տայ մշակոյթի տարբեր երեսակները ծանօթացնելու լայն հասարակութեան: Ան շարունակեց՝ ըսելով, թէ Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանին մէջ վերամուտին բացուած է շաբաթօրեայ դպրոց մը, ուր Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10էն կէսօրէն ետք ժամը 4, հայերէնի դասեր եւ զանազան աշխատանքներ կ՛առաջարկուին: Խօսելով յառաջիկայ ծրագրերուն մասին՝ Շահինեան նշեց, թէ կը խորհին այցեր կազմակերպել օրինակ Ֆրանսայի Ազգային գրադարանը՝ ծանօթանալու հաստատութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական հաւաքածոներուն: Իրենց նորակազմ խումբին ծրագիրին համընթաց պիտի ջանան քայլ պահել առօրեային հետ եւ հրաւիրել օրինակ՝ նոր գիրք հրատարակած հեղինակներ կամ ներգրաւուելով Հօ-տը-Սենի մշակութային կեանքին մէջ՝ կազմակերպել ցուցահանդէսներու խմբային այցելութիւններ եւ այլն:
Բանախօսը տեղեկացուց, թէ իրենք վերջերս յայտնաբերած են որ 30ական թուականներուն «Համազգային Հօ-տը-Սեն» մը հիմնուած է Շաւիլի մէջ եւ գործելէ դադրած է 50ական թուականներուն: Ի դէպ, այս միաւորին վերաբերող փաստաթուղթերը ցուցադրուած էին մշակոյթի տան մէջ:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Սելլա Թնճուկեան:
Վերջին ելոյթ ունեցողը Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Հուրիկ Պաղտասարեանն էր: Ան շնորհաւորեց նոր մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը՝ նշելով. «Փարիզի մասնաճիւղը ամէնէն հինն է եւ Հօ-տը-Սենինը՝ ամենէն նորը, իսկ այս երկու սերունդներուն միջեւ տեղի ունեցած է հսկայական յեղաշրջում մը՝ թուայնացումը: Բայց մեր փորձառութիւնը եւ ձեր կորովը քով-քովի բերելով պիտի կարենանք նոր յաղթանակներ արձանագրել»:
Պաղտասարեան հաղորդեց, թէ Իսիի քաղաքապետ Սանթինի՝ փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեանի միջոցաւ կը յայտնէ իր շնորհաւորանքները: «Ան միշտ հայերու կողքին եղած է եւ ատոր վառ օրինակը Թարգմանչաց դպրոցն է, որուն հողին հայթայթումը եւ շէնքին կառուցումը քաղաքապետարանը ստանձնած է», ընդգծեց բանախօսը:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները, որոնք Յովհաննէս Թումանեանի «Սուտասանը» երկին հիման վրայ թատերական պատկեր մը ներկայացուցին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը: