ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցած է Վաղարշապատի համայնքապետարանին եւ անոր ենթակայութեամբ գործող կազմակերպութիւններուն դէմ՝ անոնց կատարած չարաշահումներուն հարցով:
Հայաստանի պետական վերահսկողական ծառայութենէն ստացուած նիւթերու ուսումնասիրութեամբ՝ շարք մը խախտումներ յայտնաբերուած են Վաղարշապատի տնտեսութեան կառավարման տարբեր ոլորտներու մէջ:
Պարզուած է, որ Վաղարշապատի (Էջմիածինի) համայնքապետարանի 2015-2018 թուականներու գնումներու գործընթացը իրականացուած է օրէնքի խախտումներով, գործարքներ կնքուած են նախկին քաղաքապետին փոխկապակցուած որոշ ընկերութիւններու հետ եւ պայմանագիրներու սկզբնական արժէքները, առանց համապատասխան հիմնաւորումներու, աւելացուած են 20 տոկոսով՝ համայնքապետարանին պատճառելով էական վնաս:
Խախտումներ արձանագրուած են նաեւ հողի աճուրդային կարգով վաճառքի գործընթացին մէջ:
Վերոնշեալ եւ այլ խախտումներու հետեւանքով համայնքապետարանին պատճառուած վնասը, նախնական հաշիւներով, ընդհանուր առմամբ 590 միլիոն դրամ է:
Նկատի ունենալով, որ նախապատրաստուած նիւթերը կը պարունակեն Վաղարշապատի համայնքապետարանի առանձին պաշտօնատար անձերու կողմէ իրենց դիրքը գտագործելով՝ պետութեան շահերուն էական վնաս պատճառելու, շէնքերու եւ շինութիւններու կառուցումը կասեցնելու ուղղութեամբ միջոցներ դիտաւորութեամբ չձեռնարկելու, իրենց դիրքը օգտագործելով՝ վատումի եւ իւրացման եղանակով առանձնապէս մեծ չափի յափշտակութիւն կատարելու վերաբերեալ յանցագործութեան յատկանիշները՝ Հայաստանի քննչական գլխաւոր վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է նշեալ պաշտօնեաներուն դէմ: