ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Քննչական կոմիտէն կը շարունակէ հետաքննել «Հայրենիք-Սփիւռք Կեդրոն» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան գործունէութիւնը, մասնաւորաբար՝ գործակալութեան նախկին պաշտօնեաներու կողմէ կատարուած հաւանական չարաշահումները՝ հիմնուելով պետական վերահսկողութեան ծառայութեան յարուցած քրէական գործին վրայ:
Նախաքննութեանց համաձայն՝ 2015ին կեդրոնը զգալի վնասներ պատճառած է պետութեան՝ կանխամտածուած կերպով ընտրելով բարձր գիներ ներկայացուցած ընկերութիւններ եւ մերժելով ցած գիներով ներկայացուած առաջարկները:
Հետաքննութիւնը յայտնաբերած է դրամական միջոցներու չարաշահում 2015ի եւ 2018ի միջեւ
«Արի տուն» ծրագիրի գործադրութեան ընթացքին չհիմնաւորուած եւ ուռճացուած ծախսեր արձանագրելու միջոցով:
Քննչական կոմիտէն կը յայտնէ, որ յիշեալ կազմակերպութեան նախկին տնօրէնը արդէն իսկ 100 միլիոն դրամ վերադարձուցած է՝ իբրեւ վնասներու մասնակի հատուցում: