ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԹԵՀՐԱՆ, «Էյ.Փի.».- Հակառակ ամերիկեան այն սպառնալիքներուն՝ ըստ որոնց Նոյեմբեր 5ին ի զօրու դարձող Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցները «զերոյի պիտի իջեցնեն» Իրանի քարիւղի արտածումները, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը որոշած է արտօնել 8 երկիրներու, որ Իրանէն քարիւղ գնեն, առնուազն 180 օր եւս, այն պայմանով, որ անոնք սկսին նուազեցնելու Իրանէն իրենց ներածումները։
Նշենք, որ Եւրոմիութիւնը եւս քայլերու դիմած է շրջացնցելու ամերիկեան այս ինքնագլուխ պատժամիջոցները։
Միւս կողմէ, Կիրակի օր, Իրանի շարք մը քաղաքներու եւ մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ, «Միջազգային ամբարտաւանութեան դիմակայման օր»ուան առիթով, բազմամարդ ցոյցեր տեղի ունեցան։ Թեհրանի ցոյցը կայացաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանատան առջեւ:
«Իրանի դէմ ամերիկեան տնտեսական պատժամիջոցները պիտի մնան ապարդիւն։ Շրջանին մէջ իր կրած պարտութիւններէն ետք, Ամերիկա կը կեդրոնանայ Իրանի դէմ տնտեսական եւ հոգեբանական պատերազմին վրայ», յայտնեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Մոհամմետ Ալի Ճաաֆարի՝ վստահեցնելով, որ Իրանի ժողովուրդը արժանի «ապտակը» պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:
«Ամերիկա 40 տարիէ ի վեր Իրանի դէմ շղթայազերծած իր պայքարին մէջ պարտութիւններու մատնուեցաւ», իր կարգին յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի՝ աւելցնելով. «Ամբողջ աշխարհը կ՛ընդդիմանայ Թրամփի որդեգրած իւրաքանչիւր որոշումին»:
Նաեւ, Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ իրանեան քարիւղ ներածել, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ դատապարտեց Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները:
Վերջապէս, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները վերահաստատելու նախագահ Թրամփի քայլը «պատմական» է: