ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Երեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի շարք մը զօրամասերու մասնակցութեամբ մեկնարկեցին մարտավարական զօրավարժութիւններ, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 10 Նոյեմբեր:
Պաշպանութեան բանակէն կը յայտնեն, որ զօրավարժութեանց նպատակն է կատարելագործել ընդգրկուած ուժերուն եւ միջոցներուն մարտական ներդաշնակութեան մակարդակը, ստուգել զօրամասերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր աստիճանի բերելու ծրագիրներու իրատեսութիւնը եւ զօրքերու մարտական կիրառման արդիւնաւէտութիւնը:
Չորս փուլով տեղի ունեցող զօրավարժութիւններուն ընթացքին առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի հրամանատարներու եւ կառավարման մարմիններու գործնական ունակութիւններու բարձրացման եւ ժամանակակից մարտի մէջ ստորաբաժանումներու, զօրատեսակներու ու ծառայութիւններու միջեւ նպատակային փոխգործողութեան իրականացման վրայ:
Աւարտական փուլին ընթացքին պիտի խաղարկուի «մխրճուած հակառակորդի ջախջախումը, առաջնագիծի վերականգնումը, յարձակման զարգացումը եւ բարենպաստ բնագիծերու գրաւումը» թեմայով մարտական հրաձգութեան զօրավարժութիւն: