ԵՐԵՒԱն.- «Ապօրինի շինարարութեան՝ վե՛րջ, հողազաւթման՝ վե՛րջ, օրինականացում պիտի չըլլայ, հարցեր մի՛ ստեղծէք», իր առաջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան: Ան նշեց, որ գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը մինչեւ հիմա կարուած էր քաղաքապետի ճաշակով:
«Ամէնէն կարեւոր աշխատանքներէն մէկը պիտի ըլլայ՝ վերջնականապէս ճշդել ճարտարապետի հիմնարկը, որ չանձնաւորուի այդ հիմնարկը, որ եթէ ուրիշ ճարտարապետ ալ գայ, ան մշակուած գործառոյթով աշխատի», ըստ «Թերթ»ի՝ ըսաւ ան՝ նշելով, որ գլխաւոր ճարտարապետը գործիքակազմ պէտք է ունենայ:
Ըստ անոր՝ ամէնէն կարեւոր գործիքակազմը, որ անհրաժեշտ է կարգաւորելու համար ճարտարապետութեան ոլորտը, գրեթէ գոյութիւն չունի: Դիմելով քաղաքացիներուն՝ Մեսչեան յայտարարեց. «Եթէ շինարարական ծրագիրները օրինական ճանապարհով փորձէք իրականացնել, կը խոստանամ, որ բոլոր հնարաւորութիւններով պիտի փորձենք դիւրացնել ձեր կեանքը»։
Արթուր Մեսչան նշեց, որ որոշ շինարարական աշխատանքներու ծրագիրներ զարմանք կը յառաջացնեն, բայց «ագրեսիւ» շինարարութեան առումով որոշ լուծումի փորձած են հասնիլ:
Ըստ անոր՝ «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ ընդգրկուած ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի: «Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխել նախագծային լուծումները, որպէսզի այդ շէնքերը պահպանուին: Պատմական յուշարձաններու քանդման թեման եկէք համարենք սպառած», յորդորեց ան՝ վստահեցնելով, որ մինչեւ այն ատեն, որ ինք Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետն է, ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի: «Այն սեփականատէրերը, կառուցապատողները, որոնք կը գնեն որեւէ հողատարածք, ուր կը գտնուի որեւէ յուշարձան, պարտաւոր պիտի ըլլան ֆինանսաւորելու այս յուշարձանի վերակառուցման աշխատանքները», ընդգծեց գլխաւոր ճարտարապետը:
Արթուր Մեսչեան նշեց, որ Երեւանի կեդրոնին մէջ կան շինարարութիւններ, որոնք ինք արդէն կանգնեցուցած է: «Կը կարծեմ, որ կարելի եղածին չափ պիտի պակսեցնեմ այն ցաւը, որ այսօր կը տանջէ մեր բնակիչները», նշեց Մեսչեան: