Կիրակի, 4 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը: Անոր կ՛ընկերանային Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստան-Սփիւռք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ կացութեան վերաբերող հարցեր:
Յայտնենք, որ Գրիգոր Պետրոս Ի.ի այցելութեան նպատակն էր շնորհաւորել վեհափառ հայրապետին ձեռնադրութեան 50ամեակը: