ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 7 Նոյեմբերին, չորս ժամկէտային զինուորներու մահուան պատճառ դարձած Որոտան-Խնձորեսկ ճանապարհին տեղի ունեցած արկածին մասին խօսելով՝ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարեց, որ ըստ ծառայողական քննութեան նախնական արդիւնքներուն՝ «արդէն իսկ ակնյայտ է, որ ողբերգութեան պատճառների շարքում տեղ են գտել տեխնիկական եւ ծառայութեան կազմակերպման հետ կապուած մի շարք կոպիտ բացթողումներ»:
«Նոյեմբերի 7ին Որոտան-Խնձորեսկ աւտոճանապարհին տեղի ունեցած աւտովթարի հետեւանքով Զանգեզուրի կայազօրի զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած բոլոր զինծառայողների վիճակն այս պահին գնահատւում է բաւարար: Վեց զինծառայողներ ստացել են տարբեր աստիճանի կոտրուածքներ», յայտարարեց Տօնոյեան:
Զոհերու հարազատներուն իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան՝ վստահեցնելով, որ մեղաւորները պատասխանատուութիւն պիտի կրեն օրէնքի ամողջ խստութեամբ: