ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Առաքելութիւն» կուսակցութեան հետ դաշինքով: Այս մասին յայտնեց Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Յովիկ Աղազարեան:
«Դաշինքում այլ կուսակցութիւններ չեն լինելու: Կարող են լինել մարդիկ տարբեր կուսակցութիւններից, որ կ՛ընդգրկուեն ցուցակում, բայց այլ կուսակցութիւն չի լինելու», յայտնեց Աղազարեան, որ անցեալին եղած է ՀՅԴի եւ ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ: