Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Աստանայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ղազախստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Իւզպեքիստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ Թաշկենտի Ս. Փիլիփոս եւ Սամարղանդի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս քհնյ. Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:
Ողջունելով հանդիպման մասնակիցները՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ վարչապետ ընտրուելէն ետք շատ կը ճամբորդէ եւ ուր ալ գտնուի, մօտաւորապէս այս տեսակի հանդիպումներ կ՛ունենայ տեղւոյն հայ համայնքին հետ: «Եւ երբ կը հանդիպինք այսքան հարազատ դէմքերու՝ կը մտածենք հետեւեալը. մենք իսկապէս հզօր ժողովուրդ ենք մեր ներուժով, բայց դժբախտաբար զայն ամբողջութեամբ չենք օգտագործած մինչեւ հիմա: Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ հայութեան մէջ, համազգային գիտակցութեան մէջ, որուն ամէնէն կարեւոր արդիւնքը պէտք է ըլլայ ազգային ներուժի օգտագործումը, որպէսզի միասին հզօրացնենք մեր հայրենիքը, որ պէտք է ըլլայ հայութեան լինելիութեան թիւ մէկ երաշխաւորը»:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի՝ ինք վերջերս ծանօթացաւ ընկերային հարցումի մը, որով յայտնուած է, որ «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը տարբեր ժամանակներու մէջ տարբեր ընկալումներ ունեցած է: «21րդ դարուն «Ես հայ եմ» արտայայտութիւնը առաջին հերթին հայ անհատը կը նոյնականացնէ Հայաստանի անկախ պետականութեան հետ: Մեր ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ մենք մեր ներուժը իսկապէս ներգրաւենք Հայաստանի յետագայ զարգացման գործին մէջ: Մեր ամենակարեւոր բացթողումը եղած է այն, որ միասնական նպատակներ չենք ձեւակերպած, եւ մեր ազգի տարբեր հատուածները գործած են ոչ այնքան միասնական: Մենք պէտք է միասնական ազգային նպատակ ձեւակերպենք եւ բոլորս մեր ուժերը կեդրոնացնենք զայն իրագործելու համար: Կը կարծեմ, որ տեղի ունեցած յեղափոխութեան ամէնէն կարեւոր առանձնայատկութիւնը հետեւեալն է. մենք ձեռք կը բերենք նոր ուժ, նոր ոգեւորութիւն, որպէսզի կարենանք Հայաստանը դարձնել այնպիսի երկիր, որ ի վիճակի է բարձր մակարդակով պաշտպանելու ինքզինք, զարգանալ, գրաւիչ դառնալ ներդրումներու եւ այնտեղ ապրելու համար», յայտնեց Փաշինեան: