ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը 9 Դեկտեմբերին կայանալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցութեան իր նախընտրական ցանկը ներկայացուց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին:
Կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն «մարտական» տրամադրուած է, յայտարարեց պատգամաւոր, ՀՀԿ անդամ Կարինէ Աճէմեան:
ՀՀԿ անդամը նշեց, որ իրենց կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի չմասնակցի ընտրական գործընթացներուն: Կուսակցութիւնը հրապարակած է իր նախընտրական ցանկը, որ կը բաղկանայ 125 անուններէ: Ցանկի առաջին տասը անուններն են՝ Սարգսեան Վիգէն Ալեքսանդրի, Յովհաննիսեան Արփինէ Աշոտի, Շահնազարեան Դաւիթ Գուրգէնի, Բաղդասարեան Վահրամ Վաղինակի, Աշոտեան Արմէն Գէորգի, Շարմազանով Էդուարդ Յովսէփի, Սահակեան Արման Գալուստի, Աճէմեան Կարինէ Խաչիկի, Յարութիւնեան Մենուա Արտակի եւ Գեղամեան Արտաշէս Մամիկոնի: