ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութեան փոխնախագահ Անժելա Խաչատրեան յայտնեց, որ «Մենք» դաշինքի համամասնական ցանկին մէջ ընդգրկուած են 144 անձեր: Դաշինքը կազմուած է «Ազատ դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններէն: Դաշինքին կ՛աջակցի նաեւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնը, որուն նախագահը՝ Անահիտ Եղոյեան առաջադրուած է վարկանշային ընտրակարգով:
Դաշինքի ցանկի առաջին չորս անուններն են՝ Արամ Սարգսեան (Հանրապետութիւն), Խաչատուր Քոքոբելեան («Ազատ դեմոկրատներ»), Անժելա Խաչատրեան եւ ՀՀ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեան: